Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/280

Այս էջը սրբագրված է

տունիդ մէջ։ 1976—ին էր, եկած էի Երեւան: Երեկոյ էր,
երբ հասանք հայոց մայրաքաղաքը: Պանդոկէն ուղիղ ձեզի
եկայ: Տիկինդ բացաւ դուռը եւ հրճուալի՝ պոռաց.

— Ռաֆիկ ջան, Թորոսն է:

Դուն պառկած էիր: Ջերմ ունէիր: Ակռաներդ կը
կափկափէին։ Վերմակը, թէեւ զոյդ, չէր տաքցներ քեզ:
Երբ զիս տեսար՝

— Բժիշկ,— ըսիր,— ատենին եկար, մեռնում եմ,
բժշկիր ինձ:

Երբ հանդարտեցար քիչ մը, վերմակին տակէն
ըսիր.

— Քո խօսելուց առաջ, լուրեր բերած կը լինես ձեր
կեանքից, այդ լուրերը տալուց առաջ, միակ բառով տամ
ձեր կեանքը:

— Տուր — ըսի, - տուր, Ռաֆիկ ջան:

Եւ դուն, դողերուդ մէջէն կափկափումով, ըսիր
հատիկ—հատիկ.

— Ան—տէ–րու–թի՜ւն...

Ականջներուս մէջն է այդ բառդ, աչքերուս առջեւն
է մարմինիդ դողը։ Դուն մեր կեանքը տուիր մէկ բառով:
Մենք, ովկիանոսէ ովկիանոս ու ցամաքամասէ ցամաքամաս
բեկոր–բեկոր, այժմ գիտակցութիւնն ունինք թէ հայրենիքն
է մեր տէրը, Ռաֆիկ, մեր տէրն է ան, հայրաբար
ու մայրաբար, ուր որ ալ գտնուելու ըլլանք մենք:

Կը խօսէի քու եւ Գրիգորէն մասին: Այո՛, երկուքդ
ալ անսահման բարութիւն մը ունէիք: Սարոյեանական բարութիւն
մը...

Հայաստանը իր բարի ծոցին մէջ առաւ ձեզ ու ձեզմով
աւելի եւս հարստացաւ ան:

Ես հիմա, ձեզմով, մեր երկիրը աւելի կը սիրեմ,
աւելի՜ կը կարօտնամ, աւելի՜, իմ Ռաֆիկ։