Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/8

Այս էջը սրբագրված է

Այս առիթով, սիրտի պարտք կը զգամ
շնորհակալութիւն յայտնելու արձակագիրներ՝
Սիմոն Սիմոնեանին հւ Արմէն
Դարեանին, որոնք գիրքիս ձհռագիրը
կարդալէ ետք, ինծի օգտակար
թելադրանքներ ըրին։

Ահա դարձեալ հանրութեան կը յանձնեմ
«Գիրք Որդիական»ս փոքր յաւելումներով,
վերստին բեմ թարձրացնելով քառասուն
եւ մէկ հայրենի գրող ու արուեստագէտ,
որոնք այրելով իրենց հոգիները
լուսաւորեցին մեր ժողովուրդին այս
օրուան ու վադուան ճանապարհնհրը:

Ու թէեւ լոյսին պէս բաժնեցին իրենց
ունեցածը, բայց լոյսին պէս մնացին անբաժան:

Թ. Թ.

Հալէպ, 27 Դեկտեմբեր 1981