Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/233

Այս էջը սրբագրված է

ԳԼՈԻԽ ԺԲ.

ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԻՆ

(Հասարակութիւնը, գաղթականութիւնը

եւ Քաղաքներու Միութիւնը)

Պատերազմի առաջին իսկ օրէն, եւ մանաւանդ երբ Թուրքիան անցաւ Ռուսաստանի թշնամիներու կողմը, ամբողջ Կովկասը անձնատուր եղաւ պատերազմական գործերու. միւս բոլոր գործերը անցան երկրորդական գիծի վրայ: Այս իսկ պատճառով, Կովկասեան եւ մասնաւորապէա հայկական խնդիրներու մասին խօսելու ատեն, մենք ի նկատի պէտք է առնենք պատերազմական գործողութիւններու ընդհանուր զարգացումը եւ քաղաքական այն վիճակը, որ գոյութիւն ունէր Ռուսաստանի մայրաքաղաքին՝ Պետերբուրգի մէջ։

Ինչպէս ըսի, ժողովուրդը մեծ խանդավառութեամբ ընդունեց պատերազմի լուրը։ Որքան աւելի կը բարդանային պատերազմական գործերը ճակատէն վրայ, որքան աւելի կը խճողուէր քաղաքական կացութիւնը Պետերբուրգի մէջ, այնքան աւելի փոփոխութեան կենթարկուէին Կովկասի գործերը իրենց էութեամբ։ Մշակոյթային խնդիրները տեղի կուտային քաղաքական լուրջ խնդիրներուն։

Բոլոր այն կարծիքէն էին, որ պատերազմը, շը–