Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/19

Այս էջը հաստատված է

ԻԳՐԱՆ եՈՒՍՈՒՖեԱՆ

Պատմագիրները համաձայն չեն Տիգրան Եուսուֆեանի ծննդեան թուականին վրայ։ 1850 թուականին ծնունդ կուտան անոր այն պատմագիրներն որ ամուսնացնելու աղջիկ ունին. ուրիշներն որ անոր նախագահութեանը տակ կորուսեր են իրենց դատը 1820ին կ՛ստեղծեն զայն: Իսկ մենք, որ հաճոյք մը չենք զգար կիներու մէջ տարիքի խնդիր յուզելով, կ՚ըսենք թէ այս երեսփոխանն Միջագիւղ ծնած է 1835ին, 1854ին եւ 1875ին։ 1835ին՝ եթէ դէմքին նայիս. 1854ին եթէ պարահանդէսի մը մէջ գտնըվի. իսկ 1875ին եթէ հասակին նայիս։

Ծնած ժամանակն այնքան նիհար էր որ եթէ Լիգուրկոսի օրով ծնած ըլլար՝ անպատճառ, ջուրը ձգված պիտի ըլլար։

Մանկութեան օրերուն մէջ հանդարտ ու հեզաբարոյ ըլլալով՝ բնաւ պատճառ չէր տար ստնտուին որ զինքը կսմթտէ: Գիշերները այնպէս խոր քուն կը քաշէր ինչպէս որ կը քաշէ, երբ իրեն երթաս եւ բանաս իրեն այնպիսի խօսակցութիւն մը, որ բնաւ վերաբերութիւն չունի դատի հետ: Ձմեռուան այն երկար գիշերներուն մէջ անգամ մը միայն կ՛արթննար եւ այն ալ ոչ թէ լալու կամ կաթ ուտելու համար, այլ իւր թաթիկներովն ստնտուին ծիծերը բռնելով քնանալու համար: Ամէն երախայ, ինչպէս յայտնի է, ունի այս սովորութիւնը, սակայն կ՚երեւի թէ այս երախայն բաւական ատեն հետեւած է այս սովորութեան, վասն զի, կ՛ըսեն ոմանք, չորս տարեկան եղած ատեն տան սպասուհիները Տիգրանիկէն կը գանգատին եղեր:

Տղայական խաղեերու բնաւ չէր մասնակցեր, խելքն ու