Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/215

Այս էջը սրբագրված է

շինած հայրերուն եվ Տիվիթճեանի պատրաստած մայրերուն ծնունդն էին: Միւհէնտիսեան այդ հայրերը եւ մայրերը կը կոկէ եւ այնպիսի ձեւ մը կուտայ անոնց որ ճաշակը կը հաւնի: Այս արհեստին մէջ մտնելուն պէս հոգւով եւ մարմնով աշխատեցաւ որ տեսակ տեսակ գիրեր պատրաստէ: Մէկ երկու տարիէն զգալով որ մինակ աչաց տեսութեամբ շինելն շատ դժուար բան էր՝ գործիք մը հնարեց որուն մէջ փորագրելիք պողպատն անցընելով կրնար նոյն պողպատին ծայրը բարակ եւ սրածայր պողպատով մը աղիւսակներ գծել գիրերուն, սիւներուն եւ միջոցներուն հաստութեանը, ծռութեանը եւ բարձրութեանը չափով, եւ այն գիծերուն համեմատ կը փորագրէր, որով եթէ այբ մը շինել ուզէր՝ այբին երեք սիւնը հաւասար հաստութեամբ հաւասար ծռութեամբ եւ հաւասար երկայնութեամբ կ’ըլլար: — Ինչպէս կը տեսնվի, այբին ամեն կողմը հաւասարութիւն կար, մինչդեռ Թուրքիոյ եւ ո՛չ մէկ կողմը կայ այս հաւասարութիւնը—: Այս գործիքը շինելէն ետքը ուրիշ գործիք մ՚ալ հնարեց որով հայր գիրը պղինձին վրայ մամուլի ճնշմամբ կը զարնէր եւ ոչ թէ կռանի հարուածով ինչպէս կ՚ընէին ուրիշները:

1840ին Միւհէնտիսեանի շնորհիւ Պօլսոյ մէջ առաջին անգամ մաքուր Օրացոյց տպվեցաւ ի ճեմ. Սրբոյ Երուս. մինչեւ այն թուականը Վենետիկէն կուգային Օրացոյցները... եւ շատ անգամ Օրացոյցներուն գալն ուշանալով՝ Պատրիարքարանն օրերը կը շփոթէր եւ Վենետիկ հարցունելու կ'ստիպուէր թէ վաղը շաբա՞թ է։ Արդեօք քանի քանի անգամներ Ծնունդի օրը խաչելութեան աւետարաններ կարդացված են. ով դիտէ ի՞նչ քաշած է Որդի Մարդոյ մեր ազգին ձեռքէն․․․: Միւհէնտիսեան կը փափաքէր տպարան մը բանալ ել թողուլ Ճեմարանն որ գոցվելու վրայ է, բայց ուրիշ տպարանապետ մը արգելք կ՚ըլլար եւ Ասատուր Պատրիարքին միջնորդութեամբ թող չէր տար որ տպարան բանար, ուստի Օրացոյցէն զատ բան չէր կրնար տպել Ճեմարանի մէջ: Չուքուր Չէշմէ խանը կը փոխադրէ իւր գիրերն