ԱՌ ԱՐՄԻՆԷ

Ցատկըտան աքլորի պէս
Ինչո՞ւ կը խաղաս այդպէս.
Չգիտե՞ս որ այդ զբօսանք
Քեզ կը բերէ նոր փորձանք:
Կը հիննան քո կոշիկներ,
Կը թափես շատ քրտինքներ,
Եւ օր մը կը հիւընդնաս,
Ծնողացդ փորձանք կ՚ըլլաս: