Թռուցիկն առնեն ու վազեն դաշտ լեռ,
Հոն տեսնեն գառներ՝ եւ աշխոյժ ուլեր.
Որ հովուին մօտիկ, անփոյթ եւ ազատ
Արածին իւրեանց մարց հետ հարազատ:
Հոգնած կը նստին մեծ ծառի մը տակ,
Ոյր վերայ թռչունք երգեն ջինջ օրն տաք.
«Է՛հ, չը նախանձի՞նք, կըսեն գոցա կեանք,
«Մինչ մենք յարաժամ մաչենք սիրտ ու գանկ:
«Տե՛ս, հովիւն ահա հանգիստ կեանք վարէ
«Իսկ մեր աչխատանքն, ո՛հ, ամեն օր է,
«Ելնենք զբօսանք, ահա թըռուցիկ,
«Քիչ մ՚ալ վայելենք այս օրն վաղանձիկ։»
Զայս ըսելէ վերջն վազեն վազվզեն,
Թռուցիկով խաղալ՝ կըսեն չունի զէն.
Այլ ես կըսեմ թէ՝—Զբօսանքն անոյշ
Լինի ա՛յն ատեն՝ երբ աշխատինք յոյժ: