ԿԱՆՉԷ՜, ԿՌՈԻՆԿ
Կանչէ′, կըռու′նկ, կանչէ′, ձայնըդ բարակ է,
Որտեղ ղարիպ մի կայ՝ սիրտը կըրակ է,
Ղարիպութիւն տեղը խիսդ անճարակ է.
Կըռո′ւնկ, էրդաս անդին, ըսե՛ս մօրերուն։
Կանչէ′, կըռու′նկ, կանչէ′ բացըր լեռներուն,
Ղարիպութիւն կ՚էրդամ, վախեմ մեռնելուն,
Ֆալաքը զիս զատեց քօրպայ կառներուն.
Կըռու′նկ, էրդաս անդին, ըսե′ս մօրերուն։
Կըռու′նկ, իջած տեղըն չայիր-չիման է,
Որտեղ ղարիպ մի կայ՝ սիրտըն կուման է,
Ամէնին լուս արև, ինծի տուման է.
Կըռու′նկ, էրդաս անդին, ըսե′ս մօրերուն։
Ղարիպըն տըրտմեր ու գնացեր է ունայ,
Երկու ձեոքն էրեսին դըրել ու կու լայ.
- Վախեմ՝ ղարիպ մեռնիմ, զիս ալ օ՞վ տի լա.
Կըռու′նկ, էրդաս անդին, ըսե′ս մօրերուն։
Ղարիպին աչեր խոցուեր ի լացէ,
Որդեղ որ կ՚երդայ՝ ճանբան ի թաց է,
Շապիքը կըտըրտեր, մըսիկը բաց է.
Կըռու′նկ, էրդաս անդին, ըսե′ս մօրերուն։