ԿԱՔԱՒՆ Ի ՔԱՐԻՆ ՆՍՏԷՐ
Կաքաւն ի քարին նըստէր
Կու ձըգէր պըղտոր արտըսունք.
Հրեշտակն ի վերովն անցաւ,
Թ’ — Ի՞նչ կու լաս, իմ հա՛ւ թևաւոր։

Դարձաւ ու ճուապ յերետ.
— Հայ, գընա՜յ, իմ ծո՛ւռ դատաւոր.
Ձագուքս ի բընէն առին,
Ոչ ի սար գիտեմ, ոչ ի ձոր։

— Քո ձագն ի Անի տեսայ,
Ի Անի ու սուրբ Նըշանի.
Ձագտ ի ծախողին գըրկին,
Կու նայէր ի դէմ գընողին.
— Ծախեցէ′ք ու մի՜ վախէք,
Վա՜յ հազար իմ կորսընողին։

Գընողն ալ հարցունքս ընկաւ,
Թէ՝ — Քեզ ո՞ր մարիկն է բերեր։

— Զիս մարի′կըն չէ բերեր.
Գետ Ցորդան յաղբիւրն է բերեր.
Քաջ արձիւըն՝ ծիծ տըվել,
Սոս բազան է կըսկըցուցել։