ԿԵՂԾ ՏՕԳԹՕՌԸ

Սոկրատ փիլիսոփայն, որ բժշկութեան մէջ ալ հռչակաւոր էր. իւր բնակութիւնը ՚ի Կղզի փոխադրելէն ետքն ալ իրեն օգնութեանը կարօտ հիւանդները կը խնամէր։ Մէկ քանի տարի առաջ կինը մեծառ ըլլալուն, իւր երկու փոքրիկ զաւկները կը մխիթարէին զինքը։ Այս երկուքը երբեմն իրենց փոքրիկ խաղալիկ կառքերնին դղեկին ճամագաւթին մէջ կը քաշէին. եւ երբ կը հոգնէին, անտառին վրայ նայող պատուհանէ մը մտիկ կընէին թռչնոց երգերը։

Օր մը Սոկրատ երբ ըստ սովորութեան հիւանդի մը այցելութեան երթալու համար պաստոնն ՚ի ձեռին եւ ակնոցըն ՚ի քիթ կը պատրաստուէր տունէն մեկնիկ, ահա դուռը զարնուեցաւ. տղան վազեց դուռը բացաւ եւ դիմաւորեց մուրացիկ կին մը, որին գիրկը մանկիկ մը կար։

—Զաւակս, ըսաւ կինը բժշկին տղուն. հայրիկդ հո՞ս է։ Բժիշկը որ այնմիջոցին տղուն ետեւէն հասեր էր,—Հոս եմ. ի՞նչ կուզէք տիկին. հարցուց անհամբեր։

—Ա՛հ, տէր իմ, զաւակս հիւանդ է։ մրմնչեց խեղճ կինը։

Այս խօսքերուն ՚ի պատասխանի, բժշկին տղայն, որ հօրը ունեցած մխիթարիչ զգացումէն ինքն ալ ունէր, ըսաւ,

—Բան չ՚կայ տիկին անհոգ եղիր, հիմա հայրիկս դեղ մը կուտայ կանցնի։

Նոյն միջոցին փոքրիկ աղջիկը որ ասոնց քով հասեր էր, մանկանց յատուկ գորովալից զգացումով մը յարեց։

—Խե՜ղճ փոքրիկ։

Բժիշկը անմիջապէս խսհուն դէմքով ժամանակացոյցը բացաւ եւ հիւանդ մանկան բազկերակը սկսաւ զննել։ Բժշկին տղայն ալ հօրը ձեւերուն խիստ ուշադրութիւն կընէր. իսկ քոյրը՝ կատուն գրկած կը չոյէր։

Չերկարենք, կինը բժշկին տուած դեղագիրը եւ անոր մէր քանի պատուէրները առնելէն ետքը հեռացաւ. տօգթոռն ալ տունէն մեկնեցաւ։ Տղայք նորէն սկսան իրենց խաղին. մանչը իւր փայտէ կը քաշէր, աղջիկն ալ կատուն կը շոյէր։

Քանի մը վայրկեան անցնելէ ետքը կատուն տան սպասուհւոյն ձեռքը բռնած մսի կտորը տեսնելուն պէս՝ աղջկան գրկէն դուրս ցատկեց եւ կառքին զարնուելով, զայն տապալեց. ասոր վրայ եղբայրը կատուին վրան վազելով բռնեց զայն եւ լաւ մը ծեծեց. կատուն սկսաւ մլաւել, իբր թէ ըրածին համար ներողութիւն կը խնդրէր։ Կատուին մլաւ ձայնը փոքրիկ աղջկան սրտին դպաի, աճապարեց զայն եղբօրը ձեռքէն ազատել, եւ աթոռի մը վրայ դնելէն ետքը, արտասուալից աչօք, «հիմա ի՞նչ պիտի ընեմք,» ըսաւ։

Եղբայրը քրոջ արցունքները տեսնելով, զղջած ըրածին վրայ, եւ «բան մը կընենք,» ըսելով վերի յարկը ելաւ, հօրը գիշերային գլխարկը գլուխն անցուց, անոր խոշոր այլ հին մէկ ակնոցը քիթը դրաւ, մեծ մօրմէն գրպանին ժամացոյցը առաւ եւ վար իջնելով, աչքը ժամացոյցին
վրայ՝ կատուին բազկերակը սկսաւ զննել։ (Տե՛ս Պատկերը)

Քոյրիկը, որ կատուն գիրկը առած նստեր էր, մխիթարական՝ այլ խորհրդաւոր նայուածքով մը ըսաւ կեղծ տօթօռին. —Հիւանդնիս այնչափ ծանր չէ, քիչ մը միս տալու է։

—Նախ եւ առաջ քիչ մը կաթ որ սիրտը հանդարտի, ետքն ալ մսի կտորը։

Նոյն պահուն հայրերնին վերադարձավ, եւ սպասուհիէն տեղեկանալով տղոցը ըրածը, իսկոյն վազեց երկուքն ալ գրկեց եւ համբուրեց, ըսելով.

—Զաւա՛կս, դու առ սէր մարդկութեան ծառայելով՝ հիըանդաց օգնութեան հասնող բժիշկ մը, դու ալ աղջի՛կս, գուրգուանօք եւ գթոտ սրտով զաւակներ մեծցնող մայր մը պիտի ըլլաս։

Բարոյական.—Կեղծելը՝ երթալով ճշմարտութեան կը փոխուի, այսինքն բնաւորութիւն կըլլայ, չարութիւն կեղծողները չար կը լինին երջանկութիւնը՝ առաքինութիւն կեղծողներուն կը վերաբերի։

Բազկատարած
Մանուկն առ Խաչ
Ծունր էր դըրած
Չնայեր ձախ, աջ,
Նա կ'աղօթէր
Ձայնիւ խոնարհ,
Առ Յիսուս, Տէր՝
Իղձերն բանար:
Ասեր, «Փրկիչ Տէր, տո՛ւր շնորք առատ
Զօրանամ՝ վարեմ մի կեանք անարատ,
Հեռացո՛ յինէն փորձութեան ալի,
Ծնողացս լինիմ ես միշտ սիրելի,
Ընկերներուս հետ քաղցր ու հանդարտիկ
Միշտ կենցաղ վարեմ, ւ՚ուրախ իմ սըրտիկ,
Գըրեմ ու կարդամ ընդ միշտ բազմաքիրտ
«ԱՄԱՆՈՐ է
Մեզ այս գիշեր,
Հայրըս բերէ
Շաքար, նուշեր:
Յիսո՛ւս, Փրկիչ,
Նա մրմնջեր,
Տո՛ւր փող շատ, քիչ,
Հաց, հագուստ, ջեր։