ԱՐԵՒ

Պայծառ ոսկի դու արեւ,
Սիրով տամ քեզ միշտ բարեւ.
Ճոխն ու աղքատ քեզ բաղձան
Զի տաք օրերդ արդ անցա՜ն։

Ինչո՞ւ երբեմն, ո՛հ, ծածկես
Դէմքդ ուրախ, վարսիցդ գէս
Մեր կեանքն ես դու ջինջ արեւ,
Բընութեան տէրն արդարեւ։

Դու մեզ բերես պայծառ տիւ
Քեւ կը նաշուին ամաց թիւ,
Թող սէրդ լինի մեզ անհուն
Եւ միշտ օրհնեմք քոյ անուն։