Փողոցէ մը օր մը անցայ
Պատուհանէ մը ներս նայեցայ,
Կոշկակարը ասեղն առեր
Հա՛ կը կարէր, կոշիկ կարեր.
Ռաբաթագ թիգ, թիգ ա թագ թիգ
Ահա այսպէս շիներ կոչիկ։
Հերիւրներով ծակեր բանար
Նրբանի վրայ դէպ վեր դէպ վար,
Ապա փայտէ գամեր գամեր
Ահա այսպէս զանոնք գամեր,
Ռաբաթագ թիդ, թիդ ա թագ թիգ
Ահա այսպէս չիներ կոշիկ։
Կաղապարին վրայ չարեր
Կաշեայ փոքր ու մեծ կտորներ,
Ու մեծ թելովն ասեղն առեր
Հա՛ կը կարէր, կոշիկ կարեր.
Ռաբաթագ թիգ, թիգ ա թագ թիգ
Ահա այսպէս շիներ կոշիկ։