ՀԱՆԵԼՈՒԿ

Կաղանդին իրիկունը հայրիկ մը իւր զաւակներուն առաջարկեց հետեւեալ հանելուկը, խոստանալով լուծողին խոշոր նարինջ մը տալ։

Նոր ժամացոյց մը տեսի
Ոչ զանկ ունի ոչ անիւ,
Տղայն յուսով կը նայի,
Ծերն ցաւով երկիւղիւ։


Տղայք.—Հայրի՛կ, կուտուի՞ մի չուտուիր,— հարցուցին միաձայն.

—Չուտուիր,

—Մեր տունին մէջ կա՞յ արդեօք,

—Այո՛, նոր եկաւ.

—Կաղանդին մի՞րգը,

—Չեղաւ, չուտուիր ըսինք.

—Հայրիկ, կաղաչեմ, ըսէ, իմին նարանջս քեզի կուտամ.

Հայրիկը անոր հետաքրքրութիւնը գոհացուց, ըսելով, ՕՐԱՑՈՅՑ է։ —Օրացոյց է մի՜, գոչեցին միաձայն.

—Այո՛, դուք դեռ մանուկ էք, երբ նոր օրացոյցը տեսնաք, տարի մ՚ալ պիտի մեծնանք ըսելով կուրախանաք, մինչդեռ ծերը դէպ ՚ի գերեզման քայլ մ՚ալ առած ըլլալուն համար կը տրտմի։

—Ուրեմն, գոչեց ամենէն աշխոյժը Լեւոն, սա պատին օրացոյցը քիչ մը աւելի վերօք կախեցէք, որ մամիկին ձեռքը մինչեւ հոն չի հասնի եւ բարկութենէն չի պատռէ.

Քիչ մը ժամանակ անցնելէ ետքը տղայք սկսան բարձրաձայն խօսիլ, մանաւանդ Զապէլ իւր սուր ձայնովը մեծերուն խօսակցութիւնը կը խանգարէր, հայրիկը զայն լռեցունելու համար հետեւեալ հանելուկը առաջարկեց, խոստանալով այս անգամ լուծողին գեղեցիկ իւղաներկ պատկեր մը տալ, եթէ սակայն առանց կուտուի՞ մի չուտուիր, ունի՞նք մը չունինք,» հարցումներ ընկելու, մտածելով ինքն իրեն գանէ։

Ձայն մի՛ հաներ բարեկամ,
Ամենեւին մի՛ խօսիր,
Անունս այ տաս մէկ անգամ,
Գիտնակ որ զիս մեռցուցիր։


Տղայք սկսան իրարու երես նայելով անձայն մտածել 10 վայրկեանի չափ, մայրը, տիրած այս լռութենէն գոհ մնացած՝ ըսաւ. ահա հանելուկը լուծվեցաւ։

—Ի՞նչպէս, գոչեցին հետաքրքիրք միաձայն,

—Վասնզի լուռ կեցաք, եւ հանելուկին լուծումը ԼՌՈՒԹԻՒՆՆ էր։

—Ըսել է որ, հայրիկ, ամենուս ալ մէկ մէկ պատկեր պիտի տաս, քանի որ ամենքս ալ լռեցինք,

—Ո՛չ, մէկ պատկեր պիտի տամ. եւ այն ալ մինչեւ վերջ լռութիւնը չի խանգարողին։

—Ուրեմն ես այս վայկեանէս չեմ խօսիր,

—Ես ալ։

—Բերանս չպիտի բանամ.

—Պարգեւը ընդունելու համար ես ոչ թէ բերանս, այլ աչքս անգամ չպիտի բանամ մինչև առաւօտ, ըսաւ Զապէլ եւ անկիւն մը քաշուած պառկեցաւ։

Հետեւեալ առաւօտ հայրիկը Զապէլին տուաւ իւղաներկ պատկեր մը, որ

կը ներկայացներ ճիշդ իրեն նման փոքրիկ աղջիկ մը, ձեռքը նուռ մը բռնած։