ՆՇԱՆ


Եփ Ասված մարթոց ստեղծից, խալսեցաւ,
«Աս իմ պատկերն է», ասաց, պարծընցաւ,
«Զէրէ աս ամեն ինսաններուս մէչ
Տարա պէս խօլօք, պարին չունիմ հէչ»։
Քիչմը ատէնէն թօռղայ, ծիծեռնիկ,
Խառղա ու խըռղի, փափի, աղւենիկ,
Օչխար, ած, կէմէշ, ծի, սըղըն ու կօվ
Աստծու տիմաց էկան կանկատով,
Քի` մարթիկ իրար հետ չին հաւասար -
Վօ՛րը պարի է, վօ՛րն ալ պէթէր չար.
Հարցուցին` ի՞նչ պէնկ պիտի ունենանք,
Վօր չար մարթոցմէ մուխայէթ ըլանք։
Ասված ալ ասաց՝ «Վըրաս նայեցէք,
Ու պարին֊չարէն ճօկիլ սորվեցէք.
Տէյէմիշ արէք` էրեսըս մաքուր,
Վօտքերըս սաղլամ, էրկու աչքըս սուր,
Պօյըս խարէրով, ծեռքըս֊վօտքըս տիւզ,
Մէչքիս ալ չունիմ տէվէի պէս կուզ.
Ամա եփ տեսնուք ճըլի, քօռ աչքով,
Եա թօփալ վօտքով, եա չօլախ ծեռքով,
Շաշի, խուլ, չուպառ, մունճ, բորոտ, կակազ,
Եւ կամ մարմինը մէկ պանով պակաս,
Ատպէս ինսանէ տայմա սախթ կեցէ՛ք,
Ի՛նչխատար կըրնաք` հեռու քալեցէ՛ք,
Ա՛մա, ատոնցմէ գէշն ալայ֊մալայ
Ա՛ն մարթն է, վօրին պօյն է չօչամայ...
Հա՛նա, նըշանըս մարթոց վրայ տըրի՛ -
Սորվեցէ՛ք ճանչնալ տուք չար ու պարի»։