Պարոն Ն֊ին (էնին) խելքը

ՊԱՐՈՆ Ն-ԻՆ (ԷՆԻՆ) ԽԵԼՔԸ



Պիսմառքը դաւը ինկիլ է, կասին,
Սօցիալներուն կըռեվ պացածին,
Խեվցիլ է, կասին, մարթն ալայ-մալայ,
Փէնճէրէյէն վար պիտ թապլէ հա՜յ-հա՜յ,
Մեր պարօն Էնի խելքը փօխ առնէր,
Սօցիալներուն չօխտան պիտ ըխտէր։

Կամպէթն ալ, սէօզտէ, նեղի էր պէթէր,
Քանթօնէ քանթօն ծաներ կըժողվէր.
Չօխտան է կազէթ ծեռքըս առած չիմ,
Ի՞նչով վերչացաւ, ախաչը, չիտիմ.
Մեր պարօն Էնէն թէ վօր խելք հարցնէր,
Կիտիմ, մուրատին թէզ պիտի հասնէր։

Ավղանին խանը լօռտ Պիքօնսֆիլտին,
Սէօզտե, աղէկ մը զարկիլ է քիթին,
Լօռտերը, կասին, պէթէր հուճուճ ին,
Աս չարին ճարը ի՞նչ պիտ լայ՝ չիտին.
Մեր պարօն Էնէն խելք որ հարցնէին,
Ավղանին հախէն թէզ պիտի գային։

Մեր Կօռչաքովն ալ, Ինկլիզին խարէզ,
Տապռավօյլնի ֆլօթ կըխօրթէ թէզ-թէզ,
Կուզէ Հինտիստան խըրկել կէմիներ,
Ամա մինիսթռի պէտք ունի պէթէր.
Մեր պարօն Էնէն սավէթ վօր հարցնէր,
Ատոր հընարն ալ թէզով կըկըտնէր:

Աս քանի տարի նախչըւանցին ալ
Ռէալնի դըպրոց կուզէ ունենալ,
Ըստակ, վարժապետ ես չունիմ, կասէ,
Անիսէ նարա խելքը պակաս է.
Մեր պարօն Էնին խելքը ունենար,
Չօխտան վարժատուն նա պարած կըլար։

Մեր պարօն Էնը խիստ աղէկ կանէր,
Թէ վօր իր խելքը նա ծախու հանէր,
Ո՜ւյ, աժան պարին պիտի կընէինք
Ու էտեվ էտեվ խեվնոց մըտնէինք։