[ 104 ]

BILLET DOUX



Աղչի՛կ, ասա՛ մօրըտ, քէզի
Առնէ, ինծի տայ,
Ես էտեվէտ քանի՜ տարի
Էղիլ եմ սէվտա։

Պէթէր աշըխ էղիլ իմ ես
Պապայիտ ստըկին,
Ինչպէս աղլի հավող տեսնօղ
Առակի թիլքին։

Կօլօխըտ ալ շատ կըհաւնիմ
Ես ատէն, ատէն,
Եփօր վըրան ֆա՜ռ ֆա՜ռ կանէ
Թանկնոց տիատէմ։

Պալմօմիէ մատերուտ ալ
Խեվցած կընայիմ,
Եփօր վըրան էլմաս, պըռլեանթ
Մատնի կըտեսնիմ։

Ճերմակ, կակող կէրտանիտ քու
Էղիլ իմ աշըխ,
Եփ կըցըքիս զիաֆէտին
Թանկնոց կէրտանլըխ:

Ախչի՛կ, ախչի՛կ, շատ պիտ սիրէ
Քու հաւնած փեսան

[ 105 ]

Պիաթային միլք ու պարին,
Էրկըթէ քասսան։

Ախչի՛կ, եփօր կընիկ կըլաս,
Տեղըտ աշխանա,
Էրիկըտ ալ կերթայ Ռաստօվ
Շիտակ <.....>